2015-02-07 12:28:07

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի լսատեսողական պատգամը` ''Էքսփօ 2015'ի առթիւ տեղի ունեցած նախապատրաստական հաւաքի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 7 փետրուար 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց` Միլանոյի ''Էքսփօ 2015''ի առթիւ, նախապատրաստական հաւաքի մասնակցող, ազգային ու միջազգային 500 ներկայացուցիչներուն, որոնք հաւաքուած են միասնաբար խորհրդածելու ''Սնուցել Երկրագունդը` կեանքի ուժանիւթ'' նիւթին մասին։
Սրբազան Հայրը ողջունելով բոլոր ներկաները մատնանշեց անցեալ տարի ՖԱՕ կատարած այցելութեան, ուր դիտել տուած էր թէ առաջնակարգ մտահոգութիւնը պէտք է հանդիսանայ ''նոյնինքն մարդ արարածը''։
Այսօր` ըսաւ ապա Քահանայապետը, առատ կերակուր կայ, սակայն բոլորը չեն կրնար ուտեստեղէն հայթայթել, մինչ ականատես են մսխումի երեւոյթին''։
''Այս յարակարծութիւն է ու կը շարունակէ այսպէս ըլլալ'' ըսաւ Սրբազան Հայրը ու առաջարկեց երեք վերաբերմունքներ.
Առաջին` Հրատապէն անցնիլ առաջնահերթութեան, երկրորդ` ըլլալ եղբայրսիրութեան վկաներ եւ երրորդ` ըլլալ երկրին պահակները եւ ոչ թէ տէրերը։
Ձեր հայեացքն ու սիրտը կեդրոնացուցէք ոչ թէ տագնապալից կարգաւորումներու լուծման վրայ, որ միշտ աւելիով ժամանակաւոր են, այլ կողմնորոշում մը որդեգրեցէք որ լուծէ աղքատութեան կառուցուածքային պատճառները, թելադրեց Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ ժամանակակից տնտեսութիւնը` սպանող տնտեսութիւն մըն է որ կ՛անտեսէ եւ կը շահագործէ ''լուսանցքայինները'' ու զանոնք կը նկատէ որպէս աւելորդներ։
Հարկ է առ այդ, արմատէն լուծել հարցը որ կը կայանայ անհաւասարութեան մէջ. Այս կատարելու համար պէտք է հրաժարիլ շուկաներու ինքնավարութենէն եւ ֆինանսական շահագործումներէն ու աշխատիլ լուծում գտնելու` անհաւասարութեան կառուցուածքային պատճառներուն։
Սրբազան Հայրը ապա հարց տուաւ թէ ''ու՞րտեղէն մեկնելու է տնտեսական առողջ քաղաքականութիւն մը'' ու պատասխանեց ''մարդ արարածի արժանապատուութիւնէն եւ հասարակաց բարիքէն'', որ այսօր յաճախ անտեսուած են։
Մատնանշելով դարձեալ ՖԱՕ-ի մէջ կատարած իր ելոյթին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յիշել տուաւ թէ Երկիրն ու անոր բարիքները մեզի տրուած սեփական ժառանգութիւն մը չեն, այլ փոխ առնուած են մեր զաւակներէն, որպէսզի պահպանենք ու ապա դարձեալ անոնց յանձնենք։ Հողը առատաձեռն է ու զայն մշակողին ոչ մէկ բան կը պակսեցնէ։ Հողը որ բոլորին մայր է, կը պահանջէ յարգանք եւ ոչ բռնութիւն եւ կամ տէրերու ամբարտաւանութիւն։ Զայն փոխանցելու ենք մեր զաւակներուն աւելի լաւ վիճակի մէջ, որովհետեւ մենք պարզապէս անոր պահակներն ենք ու պահպաններն ենք արարչագործութեան։
Իր պատգամին աւարտին Սրբազան Հայրը հրաւիրեց դարձեալ առաջնահերթ տեղ դնել մարդու արժանապատուութիւնը, ըլլալ եղբայրսիրութեան այրեր ու կիներ ու վախ չունենալ պահպանելու երկիրը որ ամէնուն մայրն է, հուսկ խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար ու տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.